2015-02-23 09:45:24

Ուկրանիոյ աւագ եպիսկոպոսապետին գնահատումով` Ուկրանիան մարդկայնական ողբերգական վիճակի մէջ է ու երկիրը օրէ օր կը փլուզուի։


(Ռատիօ Վատիկան) Ներկայիս Քիէվին մէջ կը վերակոչուի ''Անկախութեան'' հրապարակի ջարդի առաջին տարեդարձը։ Երկրին արեւելեան մասին մէջ Մինսկի համաձայնագիրը դարձեալ կը բռնաբարուի:
Անցեալ ուրբաթ օրը ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունեց Ուկրանիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները, որոնք Հռոմ կը գտնուին հնգամեայ այցը կատարելու ս. Պետրոսի յաջորդին։ Ուկրանիոյ եւ Քիէւի Յոյն Կաթողիկէներու աւագ եպիսկոպոսապետը` Սվիաթոզլաւ Շեվչուք, այս առթիւ մամուլին հետ ունեցած մէկ ելոյթով պարզեց թէ Ուկրանիոյ ներկայ իրավիճակը ողբերգական է։ Խօսելով Սրբազան Հօր հետ հանդիպման մասին, ան պարզեց թէ Նորին Սրբութեան մօտ ներկայացան 22 եպիսկոպոսներ` քսանը յոյն կաթողիկէ եւ երկուքը լատինածէս։ Նորին Սրբութիւնը բարի գալուստի խօսքին մէջ ըսաւ ''ես ձեր տրամադրութեան տակ եմ''։ Սրբազան Հօր պարզեցինք երկրին ցաւալի իրավիճակը մատնանշելով որ մեր Քարիթասը այլեւս ի վիճակի չէ գոհացնելու մարդոց կարիքները եւ այս առընչութեամբ Սրբազան Հօրմէ խնդրեցինք որ կոչ ուղղէ միջազգային հասարակութեան, Ուկրանիացիներուն մարդասիրական օգնութիւն ապահովելու ի խնդիր։ Երկիրը փլուզումի մէջ է։ Ուկրանիոյ պետութիւնը պէտք ունի միջազգային հիմնադրամի օժանդակութեան, փրկելու անոր տնտեսութիւնը, մինչ ժողովուրդը կը շարունակէ գաղթել եւ ամէն օր նոր մեռեալներ եւ զոհեր կ՛արձանագրուին։







All the contents on this site are copyrighted ©.